2017-06-06 10:25:00

Պաշտօնական բացում` Այնճարի վերանորոգուած «Աղաճանեան սանուց տան»


Կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, Հոգեգալստեան օրը, Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած «Աղաճանեան սանուց տան» բացման արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ ներկայութեամբ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի ու Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Այնճարի քաղաքապետին եւ շարք մը բարերարներու:

Եկեղեցւոյ մուտքին հոծ բազմութիւն մը ընդունեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրն ու պաշտօնական հիւրերը` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին խանդավառ կատարումով: Հոգեւոր տէրը եւ պաշտօնական հիւրերը մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան մատուցեց սուրբ պատարագը:

Պատարագին ընթացքին իր պատգամը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան ֆրանսերէնով բարի գալուստ մաղթեց պապական ներկայացուցիչին եւ պաշտօնական հիւրերուն ու անոնց ներկայացուց «Աղաճանեան սանուց տան» ամփոփ պատմականը: Ապա ան հայերէնով իր խօսքը ուղղեց ժողովուրդին եւ ներկայացուց Ս. Հոգեգալուստի դրուագը:

Ան նշեց, թէ Ս. Հոգիով է, որ մենք մկրտուեցանք եւ թէ այդ նոյն Ս. Հոգին է, որ մեզ կը զօրացնէ, կը լուսաւորէ, մեր մեղքերը կը քաւէ, կը մխիթարէ, որովհետեւ Ս. Հոգիին ներկայութիւնը կը վայելենք մեր մէջ, Քրիստոսի տուած խաղաղութիւնը մեր մէջ կը բնակի, եւ բոլոր դժուարին պայմանները կը յաղթահարենք Անոր զօրութեամբ, որովհետեւ Քրիստոս խոստացաւ մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհիս կատարածը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդը շատ աւելի դժուար օրեր տեսած է, բայց միշտ հաւատքը պահած: Երբ կարդանք աւետարանները, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Ս. Հոգին ուղղութիւն կու տար Քրիստոսի առաքեալներուն, նոյն ձեւով ալ 1700 տարիներ առաջ Ս. Հոգիին կանչը լսելով, հայերը ընդունեցին այս աւետիսը եւ հաւատարիմ մնացին Անոր:

Ապա խօսք առաւ «Աղաճանեան տան» պատասխանատու հայր Ալիշան Աբարդեան: Ան մէջբերեց Յակոբ առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Մաքուր եւ անարատ բարեպաշտութիւնը Աստուծոյ եւ մեր Հօր առջեւ այս է. այցելել որբերուն` անոնց նեղութիւններուն մէջ»: Ան  անդրադարձաւ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան հօր գուրգուրանքին ու սիրոյ` հանդէպ բոլորին, մասնաւորապէս որբերուն, ծնողազուրկներուն եւ տնանկներուն: Անոր հայրական սրտին փափաքն էր հիմնել որբանոց կամ պատսպարան մը անչափահաս հայ կարիքաւորներուն համար: Այս ծրագիրին շինութիւնը ստանձնեց կարտինալ Աղաճանեանի յաջորդը` Իգնատիոս Պետրոս Պաթանեան կաթողիկոս պատրիարքը, որ հանդիսացաւ թէ՛ հիմնադիրը եւ թէ՛ կառուցողը «Աղաճանեան սանուց տան»: Հայր Ալիշան Աբարդեան իր խօսքը ուղղելով ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ըսաւ, թէ իր նախորդներուն նախաձեռնութիւնը ունեցաւ նաեւ ինք, երբ ստանձնեց «Աղաճանեան սանուց տուն»-ը վերանորոգելու աշխատանքը: Ան աշխատեցաւ ամէն ձեւով ապահովել պէտք եղած գումարը, որպէսզի կանգուն մնայ այս հոգատար հաստատութիւնը: Հայր Աբարդեան յայտարարեց անունները նուիրատուներուն, որոնք հոգացին «Աղաճանեան սանուց տան» վերանորոգման ծախսերը: Նուիրատուներն են` Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեան եւ Հայ կաթողիկէ թեմին աղքատախնամ մարմինը: Ծրագիրը մշակեց ճարտարապետ Թուֆիք Արիս:

Ապա գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին «Աղաճանեան տան» սաները` երգելով հոգեւոր տաղեր, իսկ ջութակահար Մարինէ Հալլաճեան նուագեց «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Կռունկ»-ը:

Պատարագէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի «Աղաճանեան սանուց տան» շէնքը, ուր կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը վերանորոգուած շէնքին, որմէ ետք հոգեւոր հայրերն ու պաշտօնական հիւրերը ուղղուեցան ճաշարան «Արեւ»: Սիրոյ սեղանին շուրջ խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Ան յայտնեց, թէ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ այս հանգամանքով եւ դրդապատճառներով Այնճար կատարած այցելութիւնը ունի աւելի քան յատկանշական նշանակութիւն: Ան ըսաւ նաեւ, թէ դէպի առաջ քալելու համոզումը պիտի ըլլայ արգասիքը գիւղի զաւակներուն հաւաքական աշխատանքին: Ան հոգեւոր տիրոջ ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ գիւղի բովանդակ ժողովուրդը եկած էր ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը, որովհետեւ ան դէպի Բարձրեալն Աստուած իր հոգեպարար աղօթքով բարձրացուց անոնց տենչերը: Ան ըսաւ, թէ Հոգեգալստեան այս օրուան մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իրենց ուժ եւ կարողութիւն բերաւ: Ան իր ներկայութեամբ ու հոգատարութեամբ ի յայտ բերաւ նաեւ իր հայեցի դիմագիծը: Քաղաքապետը խոստացաւ, որ Այնճար աւանին մէջ միշտ պիտի վերանորոգուին դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու բոլոր հաստատութիւնները:

Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը լանջախաչով մը պարգեւատրեց գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց Վրէժ Սապունճեանն ու Հայ կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչ մեթր Ժաք Չուխատարեանը` Հայաստանէն բերուած յուշանուէրներով: Պարգեւատրուեցաւ նաեւ ճարտարապետ Թուֆիք Արիս:

Ճաշի աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ աղօթքով ներկաները բաժնուեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.